Անգլիական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ իր կազմին միացնելու համար ֆրանսացի յառաջապահ Անթուան Կրիզմանը, Մանչեսթըր Եունայթըտ անոր ակումբին առաջարկեց 60 միլիոն եւրօ:
Մանչեսթըրեան ակումբը կը փափաքի իր յարձակողական գիծը որոշ չափով զօրացնել` փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հեռանալէն ետք:
Սակայն, ըստ հաւաստի աղբիւրներու, անձամբ ֆութպոլիստը չի փափաքիր հեռանալ մատրիտեան ակումբէն:
31 տարեկան Կրիզման 2022-ի Մոնտիալին 7 մրցումի ընթացքին կատարեց 3 էսիսթ` առանց կոլ նշանակել կարենալու, մինչ Սպանիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան ան ցարդ նշանակած է 5 կոլ: