Պարսելոնայի նախկին միջնապահ Անտրես Ինիեսթա արտայայտուեցաւ իբրեւ մարզիչ քաթալոնական խումբ վերադառնալու հաւանականութեան մասին:
«Կրնա՞մ վերադառնալ եւ դառնա՞լ Չաւիի օգնականը: Տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ: Չեմ կարծեր, որ ատիկա անկարելի է, բայց շատ դժուար պիտի ըլլայ` որոշ նրբութիւններու պատճառով, որոնց կարգին` ժամանակը:
«Կ՛ուզեմ, որ Պարսելոնա դարձեա՛լ յաղթէ: Յոյս ունիմ, որ օր մը կը վերադառնամ ակումբ, ինչ դիրքի վրայ ալ, որ ըլլայ վերադարձս», ըսաւ Ինիեսթա:
Ներկայիս 38 տարեկան Ինիեսթա մաս կը կազմէ ճափոնական Վիսել Քոպէի, որուն հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 31 յունուար 2024:


