Լեհաստանի մէջ կռփամարտի «ԱՅ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պատանիներու եւ մեծերու միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի արհեստավարժ կռփամարտիկները տիրացան 6 մետալի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Առաջին դիրքը գրաւեցին Արմէն Ղուշչեան եւ Էրիկ Էվոյեան, արծաթէ մետալակիր դարձան` Արտակ Գրիգորեան, Արամ Աւալեան եւ Յարութիւն Յակոբկոխեան, մինչ երրորդ հանդիսացաւ Արտեոմ Խուլբարեան:
Այս մրցաշարքին անոնք իրենց մարզիչ ունեցան Արտեոմ Դանիէլեանը:


