Արժանթինեան լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի նկարը կրնայ տեղադրուիլ Արժանթինի թղթադրամներուն վրայ, Քաթար-2022-ի Մոնտիալին խումբին աշխարհի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով:
Նշուեցաւ, որ Արժանթինի Կեդրոնական դրամատան պաշտօնեաները այս քայլին կը փափաքին դիմել Արժանթինի ֆութպոլի հաւաքականին այս կարեւոր նուաճումը պատմութեան մէջ արձանագրած ըլլալու համար:
Ըստ ենթադրութիւններու, Մեսսիի կերպարը պիտի տպագրուի 1000 փեսօ թղթադրամին վրայ, մեկնելով այն իրողութենէն, որ հաւաքականի խմբապետին մարզաշապիկին թիւն է 10:
Իսկ թղթադրամին ետեւի կողմը կրնայ տեղադրուիլ «Լա Սքալոնեթա» մակագրութիւնը` հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Լիոնել Սեպասթիան Սքալոնիի ազգանունը:


