Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Վանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբը շուտով պիտի ունենայ իր նոր գլխաւոր մարզիչը:
Խումբին մարզիչի պաշտօնը պիտի ստանձնէ սպանացի Իսիտրօ Պալթազար, նշուեցաւ Չարենցաւանը ներկայացնող ակումբին հաղորդագրութեան մէջ:
19-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Վան ապահովելով 27 կէտ, ներկայիս կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:
Նշենք, որ խումբէն հեռացան գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ասոյեան եւ անոր օգնականը` ռուս Քոնսթանթին Զայցեւ:


