Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Մարքինիոս եւ յառաջապահ Նէյմար վերադարձան Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ սկսան իրենց փորձերուն, այս մասին յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
2022-ի Մոնտիալին Խրուաթիայէն իրենց կազմին կրած պարտութենէն ետք (քառորդ աւարտական) անոնք կարճատեւ արձակուրդի մեկնած էին:
Անոնցմէ առաջ, մայրաքաղաքի կազմին միացած էին աշխարհի փոխախոյեան հանդիսացած Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ եւ Մարոքի հաւաքականի յետսապահ Աշրաֆ Հաքիմի:
Աշխարհի ախոյեան հանդիսացած արժանթինցի Լիոնել Մեսսի ցարդ չէ միացած Սեն Ժերմենին:
Նշենք, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին պիտի հիւրընկալէ Սթրազպուրկը:


