Ֆրանսական հանրածանօթ «Լը Փարիզիեն» յայտնեց, որ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Արժանթինի ազգային խումբի 35 տարեկան խմբապետ Լիոնել Մեսսի, Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութեան խոստացած է տարիով մը երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած էր, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Մեսսի պատրաստ է նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրելու, որ իր աւարտին պիտի հասնի յունիս 2024-ին:
Նախքան այդ, Պարսելոնա յոյս ունէր յառաջիկայ ամրան անվճար վերադարձնել Մեսսին:


