Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Չեսլաւ Միշնիեվիչ 31 դեկտեմբերին, երբ աւարտի իր պայմանագրութեան ժամկէտը, պիտի հեռանայ ազգային խումբէն:
52 տարեկան Միշնիեվիչ, որ նախորդ յունուարի վերջը գլխաւորեց Լեհաստանի հաւաքականը, իր կազմին հետ մասնակցեցաւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալին:
Լեհաստան յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ 1-16-րդ հանգրուան, ուր սակայն պարտուեցաւ Ֆրանսայէն, 3-1 արդիւնքով:


