Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքի արուարձան Վիլա Պելմիրոյի շրջանին մէջ գտնուող «Սանթոս» մարզադաշտին մէջ երկուշաբթի, 2 յունուարին տեղի ունեցաւ վերջին հրաժեշտ աշխարհահռչակ անուանի ֆութպոլիստ, աշխարհի եռակի ախոյեան պրազիլցի Փելէի:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ եւ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Էտնալտօ Ռոտրիկեզ:
Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Փելէի հայրենի Սանթոսի «Մեմորիալ Նեքրոփոլ Էքումենիքա»-ին մէջ, որ աշխարհի ամէնէն բարձր գերեզմանատունն է:
Նշենք, որ անուանի ֆութպոլիստը մահացաւ 29 դեկտեմբեր 2022-ին. ան 82 տարեկան էր:


