Փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Նասըր ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ մինչեւ 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 37 տարեկան յառաջապահին հետ:
Անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի կազմէ 75 միլիոն ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ յաւելեալ 200 միլիոն ամերիկեան տոլար` տարբեր տեսակի ծանուցումներէն եւ դեսպանի պաշտօնին համար եկած եկամուտներէն:
Նշենք, որ անոր նախորդ ակումբն էր Մանչեսթըր Եունայթըտ, որուն հետ ան իր պայմանագրութիւնը խզեց նախորդ նոյեմբերին:


