2022 տարուան աշխարհի լաւագոյն ռմբաձիգը հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 24 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ:
Ակումբի եւ հաւաքականներու մրցաշարքերուն ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 56 մրցումի եւ նշանակեց նոյնքան կոլ:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի նորեկ, Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 22 յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, որ տարուան առաջին կէսը մաս կազմեց Պորուսիա Տորթմունտին:
Ան ընդամէնը մասնակցեցաւ 43 մրցումի եւ նշանակեց 46 կոլ:
Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնայի նորեկ, Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի 34 տարեկան յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, որ տարուան առաջին կէսը հանդէս եկաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի հետ:
Լեւանտովսքի 51 մրցումի ընթացքին նշանակեց 42 կոլ:


