Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Լանսին, անկէ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 3-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Փրզեմիսլաւ Ֆրանքովսքի (5-րդ), Լոյիս Օփենտա (28-րդ) եւ Ալեքսիս Քլոտ-Մորիս (48-րդ), իսկ հիւր կազմին միակ կոլը` Հիւկօ Էքիթիքէ (8-րդ):
Նշենք, որ փարիզեան կազմին յարձակողական գիծէն դաշտ ներկայացած էր միայն Քիլիան Էմպափէ:
Արժանթինցի Լիոնել Մեսսի ցարդ չէ վերադարձած իր արձակուրդէն, մինչ պրազիլցի Նէյմար այս մրցումին կախակայուած էր:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լանս այսպիսով իր եւ պարագլուխի դիրքին վրայ Սեն Ժերմենի միջեւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց չորսի:
Սեն Ժերմեն այժմ ունի 44 կէտ, մինչ Լանս ունեցաւ 40 կէտ:


