Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին 35 տարեկան յառաջապահ Լուիս Սուարեզ միացաւ պրազիլական Կրեմիոյին:
Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ դեկտեմբեր 2024, այս գծով յայտարարեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Տարեշրջանին առաջին կէսը ան մաս կազմեց Նասիոնալի (Ուրուկուէյ), որուն հետ ան հանդիսացաւ երկրին ախոյեան:
12 մրցումի ընթացքին ան նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:
Լուիս Սուարեզ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է նաեւ Այաքս Ամսթերտամին, Լիվըրփուլին, Պարսելոնային եւ Աթլեթիքօ Մատրիտին: