Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը մինչեւ 2026 երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը ազգային խումբին գլխաւոր մարզիչ Տիտէի Տեշանի հետ:
Ան ազգային խումբի մարզիչ նշանակուած էր 2012-ին:
54 տարեկան Տեշան Ֆրանսայի կազմին հետ իր կատարած 139 մրցումին ընթացքին արձանագրեց 89 յաղթանակ:
Անոր հետ Ֆրանսա 2018-ին հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, 2021-ին տիրացաւ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ «Եւրօ-2016»-ին եւ 2022-ի Մոնտիալին հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Նշենք, որ ներկայիս, Ֆրանսա «ՖԻՖԱ»-ի դասաւորման մէջ կը գրաւէ երրորդ դիրքը:


