Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարքինիոս նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իր կազմին հետ:
Նոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2026 կամ 2027, այս մասին յայտնեց «Լը Փարիզիեն»-ը:
28 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2013-ին Ա. Էս. Ռոմայէն միացաւ մայրաքաղաքի կազմին, այս տարեշրջանին իր կազմին հետ մասնակցեցաւ 16 մրցումի եւ նշանակեց 2 կոլ:
Նշենք, որ անոր այժմու պայմանագրութիւնը Սեն Ժերմենի հետ կ՛աւարտի 30 յունիս 2024-ին:


