Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ Ատըլէյտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ. -250» թենիսի միջազգային մրցաշարքին, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր մրցակիցին` ամերիկացի Ճէյք Տրէյփըրին, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Խաչանովի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ իր յաղթանակը արձանագրեց սերպ Միոմիր Քեցմանովիչի դէմ, 6-0 եւ 6-3 արդիւնքով:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 642 հազար ամերիկեան տոլար: