Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի ֆութպոլիստ Ռաֆինիա շատ հաւանաբար տեղափոխուի «Փրեմիեր Լիկ» եւ միանայ Մանչեսթըր Սիթիին, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Ռաֆինիա, որ 2022-ի ամրան միացաւ քաթալոնական կազմին` փոխան 58 միլիոն եւրոյի, կրնայ պատահիլ, որ նկատի չառնուի յառաջիկայ մրցումներուն ընթացքին իր մարզիչին` Չաւիի կողմէ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Ռաֆինիայով հետաքրքրուած է նաեւ Չելսի:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պարսելոնայի հետ 19 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է երկու կոլ եւ կատարած չորս էսիսթ:


