Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Քեւին տը Պրույնը շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Սպանիոյ մէջ, այս մասին յայտնեց պելճիքական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած է Աթլեթիքօ Մատրիտ:
Ան անձամբ դէմ չէ Սպանիա տեղափոխուելուն, սակայն այն ժամանակ միայն, երբ իր պայմանագրութիւնը աւարտի 2025-ին:
Այս տարեշրջանին ան Սիթիի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 22 մրցումի, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 13 էսիսթ:


