Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ 2022 տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը, այս մասին յայտնեց նախագահի պաշտօնական կայքը:
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան, նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան, ինչպէս նաեւ հայրենի մարզաշխարհի ներկայացուցիչներ:
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, շնորհաւորելով 10 լաւագոյն մարզիկները, անոնց յանձնեց մրցանակներ, ինչպէս նաեւ` նիւթական պարգեւներ:


