Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած Սթրաջանի անուան կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ, աշխարհի փոխախոյեան, գերծանր դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Դաւիթ Չալոյեան դարձաւ արծաթէ մետալակիր:
Վնասուածքի պատճառով ան չկրցաւ իր մասնակցութիւնը բերել աւարտական մրցումին, ուր անոր մրցակիցը պիտի ըլլար Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու ախոյեան, 2019-ի աշխարհի ախոյեան Փաքհոտիր Ճալալով (Ուզպեքիստան):
80 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտականին, Համբարձում Յակոբեան պարտութիւն մը կրելով աշխարհի ախոյեան ամերիկացի Ռոպի Կոնզալեզէն, իր կարգին տիրացաւ արծաթ մետալին:
Իսկ Արթուր Բազէեան (57 քկ) եւ Գուրգէն Մադոյեան (67 քկ) տիրացան պրոնզ մետալի: