Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումները հասան իրենց աւարտին, երբ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը կատարեց իր վերջին մրցումը` «Ուիլինկթըն»-ի մարզադաշտին վրայ հիւրը ըլլալով Նոր Զելանտային:
Մարզիչ Ժատ Հաժի կազմը իր կատարած այս վերջին մրցումին 106-91 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով հիւրընկալ կազմէն, 17 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը` կէտի մը տարբերութեամբ ետ մնալով նոյնինքն Նոր Զելանտայէն:
Լիբանանէն կը բացակայէին Ալի Հայտար, Ուաէլ Արաքժի, Էլի Շամուն, Եուսեֆ Խայեաթ եւ Քարիմ Ազզէտտին, ինչպէս նաեւ օտարահպատակ մարզիկը:
Մայրիներու կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սէուտ (28), ապա` Սերճիօ Տարուիշ (25), Ժերար Հատիտեան (15) եւ Հայկ Կէօքճեան (9):
Այսպիսով, Նոր Զելանտա, Լիբանան, Յորդանան եւ Ֆիլիփեան կղզիներ (վերջինս` իբրեւ հիւրընկալ երկիրներէն մէկը) ապահովեցին աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 25 օգոստոսէն 10 սեպտեմբեր, Ճափոնի, Ինտոնեզիոյ եւ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ: