Նախորդ շաբաթավերջին «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ հիւրընկալեց Սաքրամենթօ Քինկզը, անկէ կրեց կէտի մը տարբերութեամբ` 176-175 արդիւնքով պարտութիւն մը` երկրորդ երկարաձգումէն ետք (40-40, 36-40, 34-37, 43-36, 23-22):
Ամերիկեան մարզական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ այս մրցումը, ախոյեանութեան պատմութեան մէջ երկրորդ ամէնէն արդիւնաւէտ, իսկ 21-րդ դարու առաջին ամէնէն արդիւնաւէտ մրցումը հանդիսացաւ:
Մրցաշարքին պատմութեան մէջ մրցանիշը կը պատկանի Տենվըր Նակեթցի եւ Տիթրոյիթ Փիսթընզի միջեւ 1983-ին տեղի ունեցած մրցումին (186-184):
Քինկզի արձանագրած այս յաղթանակին ընթացքին, Մալիք Մոնք նշանակեց 45 կէտ, իսկ Քաուհի Լէոնարտ (Քլիփըրզ)` 44 կէտ: