Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Եոհան Էլիաշ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն միջազգային մրցաշարքերուն հաւանական վերադարձին:
Կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ամէն գնով աշխատանք կը տարուի բոլոր մարզիկներուն միջեւ ամէն տեսակի պառակտումներէն խուսափելու:
Նշուեցաւ նաեւ, որ բոլոր կազմակերպութիւնները պէտք է համախմբուին եւ աջակցին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի աշխատանքներուն:
Վերջերս, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն, բոլոր մարզաձեւերու միջազգային ֆետերասիոններուն առաջարկեց թոյլ տալ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն չէզոք դրօշի տակ մասնակցիլ միջազգային մրցաշարքերու: