Լեհաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն Փոկոն, որ հիւրը եղաւ Վիսլա Փլոքին, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Վահան Բիչախչեան կերտեց իր կազմին յաղթանակը` մրցումին կորսուած (90+4-րդ) վայրկեաններուն:
Նշենք, որ ան այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 88-րդ վայրկեանին:
Անոր մէկ խմբակիցը 54-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Փոկոն այժմ 36 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը, մինչ առաջին դիրքը 52 կէտով կը գրաւէ Ռաքով: