Կիրակի, 26 փետրուար 2023-ին «Ժեհիթա քանթրի քլապ»-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպած ճատրակի մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 50 մարզիկներ:
Մրցաշարքը ունէր երկու բաժանմունքի խմբակներ` 6-10 տարեկաններ եւ 11-18 տարեկաններ:
Ուրախալի է, որ մրցաշարքին պատուաբեր արդիւնքներ ապահովեցին ՀՄԸՄ-ական եւ հայ մարզիկներ:
Մրցաշարքին լաւագոյն արդիւնքները նուաճեցին Ալեքսանտր- Կորիւն Սէրմանուկեան (11-18 տարեկան խմբակ) եւ Ֆրանչեսքօ Սէրմանուկեան (6-10 տարեկան):
Իսկ վերոյիշեալ տարիքային երկու մեծ խմբակները` բաժնուելով տարիքային նեղ խմբակներու, կատարեցին մրցումներ, որոնց ընթացքին ՀՄԸՄ-ականներ արձանագրեցին լաւ արդիւնքներ: Արդարեւ, 14 տարեկաններուն մէջ առաջին հանդիսացաւ Մարտիկ Մարտիկեան, 2-րդ` Կերի Հարպոյեան: 12 տարեկան խմբակին մէջ առաջին տեղը գրաւեց Միշել Աթայեան, երկրորդ` Մարիա Մարտիկեան, իսկ 8 տարեկաններու փոքր խմբակին երկրորդը հանդիսացաւ Քարլօ Աթայեան:
Կը շնորհաւորենք մեր մարզիկները` նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով անոնց: