Նախորդ շաբաթավերջին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի Լիկայի բաժակի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Նիւքասըլ` աւելի քան 87 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Մանչեսթըր Եունայթըտ 6-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին:
Մրցումին հաշիւը բացաւ պրազիլցի միջնապահ Քազեմիրօ 33-րդ վայրկեանին, մինչ 39-րդ վայրկեանին նետերլանտցի յետսապահ Սթիւ Պոթմըն սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց մրցումին երկրորդ կոլը:
2017-ին «Եուրոփա-Լիկ»-ին եւ Անգլիոյ Լիկայի տիտղոսներուն տիրանալէ ետք, Մանչեսթըր այսպիսով տիրացաւ իր առաջին տիտղոսին: