Եգիպտական Ալեքսանդրիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչ Վազգէն Թեւանեան տիրացաւ ոսկի մետալին` 65 քկ դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն 8-2 արդիւնքով յաղթելով Մաքքենային (Միացեալ Նահանգներ):
61 քկ դասակարգի մրցումներուն, Արսէն Յարութիւնեան 10-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իրանցի Ռեզայաղուտին, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Իսկ 57 քկ դասակարգի մրցումներուն, Մանուէլ Խնձրցեան չկրցաւ տիրանալ պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 48 երկիրներէ 184 ըմբիշներ: