Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Եուրկըն Քլինսման նշանակուեցաւ Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:
Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2026-ի Մոնտիալի աւարտը, այս մասին յայտնեց Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
58 տարեկան գերմանացիին նախորդ ակումբն էր Հերթա Պերլինը, ուրկէ ան հեռացաւ փետրուար 2020-ին:
Ան եղած է նաեւ Պայէրն Միւնիխի գլխաւոր մարզիչը` 2008-2009 տարիներուն:
Քլինսմանի ղեկավարութեամբ Հարաւային Քորէա իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 24 մարտին` Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցելով Քոլոմպիոյ դէմ: