1-4 մարտին Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի կ՛ունենայ աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանը:
Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը Տոհա հասաւ մարզիկներու հետեւեալ կազմով.
Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան` իրենց մարզիչ ունենալով Սօս Սարգսեանը եւ Հայկ Նազարեանը:
Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ իրաւարար Յակոբ Սերոբեան:
Նշենք, որ աշխարհի բաժակի մրցաշարքը վարկանշային է աշնան Պելճիքայի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան համար:


