Նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԱՐ.-Չես-Մասթըրզ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը:
Հայաստանի հաւաքականի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան, թայ պրէյքով ժամանակէն առաջ ապահովեց յաղթանակը եւ բնականաբար տիտղոսը` առաջին երեք հանգրուանի մրցումներուն պարտութեան մատնելով հնդիկ Տոմարաջու Կուքեշը (երկու անգամ) եւ ռուս Եան Նեփոմնիաչին:
9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, անոնք երեքը ապահոված էին 9-ական կէտ:
Մրցաշարքի մրցանակային հիմնադրամը 130 հազար եւրօ էր. Արոնեան ստացաւ` 40 հազար եւրօ: