Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, հանդիսացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի պատմութեան երրորդ ֆութպոլիստը, որ յաջողեցաւ մրցումի մը ընթացքին նշանակել 5 կոլ:
Ան այսպիսով կրկնեց Լուիս Ատրիանոյի (Շախտիոր Տոնեցք, 2014) եւ Լիոնել Մեսսիի (Պարսելոնա, 2012) ցուցանիշը, երբ իր կոլերը (22-րդ փենալթիով, 24-րդ, 45+2-րդ, 53-րդ եւ 57-րդ) նշանակեց` Լայփցիկի դէմ տեղի ունեցած 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումին:
Նշենք, որ Սիթի երթին արձանագրած էր 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` Գերմանիոյ մէջ:
Լայփցիկի նման մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ փորթուգալեան Փորթոն, որ դարձի մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իտալական Ինթեր Միլանի հետ:
Ինթեր երթին իր դաշտին վրայ արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ Ինթերի հետ ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան: