Իտալական Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ հրաւիրուեցաւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, այս մասին յայտնեց Շուէտի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
41 տարեկան Իպրահիմովիչ վերջին անգամ Շուէտի հետ դաշտ ներկայացաւ մարտ 2022-ին` իր մասնակցութիւնը բերելով Լեհաստանի դէմ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին:
Ան իր երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի շապիկը կրած է 121 անգամ եւ իր նշանակած 62 կոլերուն շնորհիւ կը հանդիսանայ երկրին ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգը: