Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի երկրորդ խումբին մաս կազմող յառաջապահ` Հրանդ-Լէոն Ռանոս յառաջիկայ օրերուն հասնի Հայաստան` միանալու համար ազգային հաւաքականին:
Կ՛ակնկալուի եւ գրեթէ հաւանական կը թուի ըլլալ, որ 19 տարեկան ֆութպոլիստը իր մասնակցութիւնը բերէ 25 մարտին Թուրքիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2024-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումին:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պայէրն Միւնիխի երկրորդ խումբին հետ 26 մրցումի ընթացքին նշանակած է 15 կոլ եւ կատարած 8 էսիսթ:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 325 հազար եւրօ: