Սերպիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեցին Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, որոնք 7,5-ական կէտ ապահովելով բաժնեցին 16-39-րդ դիրքերը:
Ախոյեանութիւնը առանց պարտութեան (3 յաղթանակ եւ 8 հաւասարութիւն ) աւարտեց Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան, որ 7 կէտով բաժնեց 40-74-րդ դիրքերը:
Նոյնքան կէտով մրցաշարքը աւարտեցին Մանուէլ Պետրոսեան, Էմին Օհանեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Առաջին երեք դիրքերը 8,5-ական կէտով գրաւեցին` Ալեքսէյ Սարանա (Ռուսիա), Քիրիլ Շեւչենքօ (Ուքրանիա) եւ Տանիել Տարտհա (Պելճիքա):
Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշով, Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Սարանա: