Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկան վար յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան 55 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարապետ Մանուկեան յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` Մոհամետ Էմին Չաքըրին (1-1 արդիւնքով, վերջին կէտի առաւելութեամբ), ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Մանուկեան իր մրցումներուն սկսած էր զտումի հանգրուանէն, երբ 9-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր սերպ Սապոլց Լոսոնքի դէմ:
Իսկ քառորդ աւարտականին ան յաղթեց ազրպէյճանցի Ռահիմ Հասանովին, 7-1 արդիւնքով:
Ալպերթ Վարդանեան (130 քկ դասակարգ) թէեւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, սակայն պարտուեցաւ վրացի իր մրցակիցէն` Կէորկի Ցոպուրաշվիլիէն, 6-0 արդիւնքով:
Ան այժմ պիտի պայքարի պրոնզէ մետալին տիրանալու համար:
Սահակ Յովհաննիսեան (63 քկ) թէեւ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթեց ազրպէյճանցի Զիյա Պապաշովին, սակայն քառորդ աւարտականին պարտութիւն մը կրեց: