«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, գերմանական Լայփցիկի դէմ իր նշանակած հինգ կոլերուն շնորհիւ (7-0), անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ գերազանցեց ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի տարիքային մրցանիշը:
Վերոնշեալ մրցաշարքին, Հաալանտ 30 կոլի ցուցանիշին հասաւ 22 տարեկան եւ 236 օրուան ընթացքին, մինչ Էմպափէ այդ մէկը իրագործած էր 22 տարեկան եւ 352 օրուան ընթացքին, այս մասին յայտնեց «Օփթա»:
Հաալանտ, որ նշանակեց 33 կոլ` 25 մրցումի ընթացքին, այդ մէկով եւս մրցանշային ցուցանիշ մը արձանագրած եղաւ: