Ինչպէս ծանօթ է, որ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթ, 25 մարտին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի հիւրընկալէ Թուրքիան (Դ. խմբակ):
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցումին բոլոր տոմսերը արդէն իսկ սպառած են:
Ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնեց հայ համակիրներուն` ազգային հաւաքականին նկատմամբ իրենց ունեցած գնահատանքին համար:
Այդ բոլոր տոմսերուն վաճառքը տեղի ունեցաւ առցանց դրութեամբ:
Նշենք, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին որոշումով, մրցումին ներկայ պիտի ըլլան միայն հիւրընկալ կազմին համակիրները: