Մարզական

Կռփամարտ.  Հայաստանի Աղջկանց Ազգային  Հաւաքականը Մեկնեցաւ Հնդկաստան

Կռփամարտ. Հայաստանի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Հնդկաստան

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 16-27 մարտին Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի կռփամարտի աղջկանց ախոյեանութեան, Հայաստանի ազգային հաւաքականը նախանցեալ օր մեկնեցաւ մրցասպարէզ: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ հետեւեալ վեց մարզիկներով. Գայեանէ Տէր Բարսեղեան (48 քկ), Անուշ Գրիգորեան (50 քկ), Եքաթերինա Սիչեւա (54 քկ), Էլիդա Քոչարեան (60 քկ), Սոնա Յարութիւնեան...

Պելճիքայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի  Բերդապահը Աւարտեց Իր Միջազգային Ասպարէզը

Պելճիքայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Բերդապահը Աւարտեց Իր Միջազգային Ասպարէզը

Պելճիքայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ազգային խումբի բերդապահ Սիմոն Մինիոլէ վերջ դրաւ իր միջազգային ասպարէզին: 35 տարեկան բերդապահը, որ, ազգային խումբին հետ իր նորամուտը նշեց 12 տարի առաջ` 2011-ին, անոր հետ կատարեց 35 մրցում: Ան պիտի շարունակէ սակայն իր ելոյթները իր ակումբին` Ֆ. Ք. Պրիւժի հետ, որուն միացաւ 2019-ին: Նշենք, որ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի հիմնական բերդապահն է...

Քազեմիրօ Չորս Մրցումով  Պիտի Կախակայուի

Քազեմիրօ Չորս Մրցումով Պիտի Կախակայուի

Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Քազեմիրօ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ չորս մրցումով պիտի կախակայուի` նկատի ունենալով, որ ան ստացաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի տարեշրջանին իր երկրորդ կարմիր քարտը, Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (0-0): Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պիտի բացակայի Ֆուլհեմի դէմ տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումէն, ինչպէս նաեւ` Նիւքասըլի, Պրենթֆորտի եւ Էվըրթընի դէմ ախոյեանութեան գծով...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-«Էն. Էս. Էյ.»

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-«Էն. Էս. Էյ.»

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 14 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.»-ի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, ինչպէս...

Յաջողութեամբ Կատարուեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի  Յանձնախումբին Կազմակերպած` 2022-2023  Տարեշրջանի Փինկ-Փոնկի Մրցաշարքը

Յաջողութեամբ Կատարուեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբին Կազմակերպած` 2022-2023 Տարեշրջանի Փինկ-Փոնկի Մրցաշարքը

Կիրակի, 12 մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած` 2022-2023 տարեշրջանի Փինկ-փոնկի մրցաշարքը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային    համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ` ժամը 9:30-էն 12:30: 41 աշակերտներ ներկայացնելով հետեւեալ վարժարանները` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Միացեալ վարժարան, եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան...

Ըմբշամարտ.  Հայրենի Մարզիկները Մետալներու  Տիրացան Ռուսիոյ Մէջ

Ըմբշամարտ. Հայրենի Մարզիկները Մետալներու Տիրացան Ռուսիոյ Մէջ

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ հայրենի ըմբիշները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած Ռոման Տմիթրիեւի յուշամրցաշարքին, արձանագրեցին գոհացուցիչ արդիւնքներ: Նշուեցաւ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշները, Ռուսիոյ մէջ տիրացան երկու մետալի: 65 քկ դասակարգին մէջ, Անդրանիկ Աւետիսեան հանդիսացաւ փոխախոյեան, մինչ 86 քկ դասակարգի մրցումներուն Մուշեղ Մկրտչեան տիրացաւ պրոնզ մետալի:

Նշանառութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան`  Պրոնզէ Մետալակիր

Նշանառութիւն. Էլմիրա Կարապետեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Թալիննի մէջ (Էսթոնիա) կատարուող Եւրոպայի նշանառութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլմիրա Կարապետեան տիրացաւ պրոնզ մետալին օդամղիչ ատրճանակի մարզաձեւին մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի նշանառութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: 10 մեթրի 60 կրակոց աղջկանց մրցումներուն, ան ապահովելով 577 կէտ, 59 մասնակցողներու մէջ գրաւելով երրորդ դիրքը, ապահովեց կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, ուր յայտնուեցան զտումի հանգրուանի ութ լաւագոյն մարզիկները: Կիսաւարտականին, ան ապահովելով 250,0...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Փորթօ-Ինթեր Միլան  Եւ Մանչեսթըր Սիթի-Լայփցիկ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փորթօ-Ինթեր Միլան Եւ Մանչեսթըր Սիթի-Լայփցիկ

Վաղը` Ռէալ Մատրիտ-Լիվըրփուլ Եւ Նափոլի-Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական մրցումներ: Այսօր Փորթօ կը հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը, մինչ Մանչեսթըր Սիթի` Լայփցիկը, իսկ վաղը Ռէալ Մատրիտ` Լիվըրփուլը, մինչ Նափոլի` Այնթրախթ ֆրանքֆորթը: Երթի մրցումներուն, Ինթեր արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Ռէալ Մատրիտ` 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, Նափոլի` 2-0 արդիւնքով յաղթանակ...

Ինցակի Կրնայ Կորսնցնել Իր Պաշտօնը

Ինցակի Կրնայ Կորսնցնել Իր Պաշտօնը

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինցակիի պաշտօնը բաւական վտանգուած է, եւ շատ հաւանական է, որ ան պաշտօնանկ ըլլայ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ: Նախորդ շաբաթավերջին Ինթեր Միլանի կրած պարտութիւնը` Սպեցիայէն, 2-1 արդիւնքով, հաշտ աչքով չդիտուեցաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ, մանաւանդ որ մրցակից կազմը կը գտնուի վտանգաւոր դիրքին վրայ (17-րդ): Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, խումբին ֆութպոլիստները եւս կորսնցուցած են իրենց...

Մարքօ Ասենսիօ Դէպի Պարսելոնա՞

Մարքօ Ասենսիօ Դէպի Պարսելոնա՞

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող միջնապահ Մարքօ Ասենսիօ, մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին, շատ հաւանական է, որ միանայ Պարսելոնայի: Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը մայրաքաղաքի կազմին հետ իր աւարտին կը հասնի 2023-ի ամրան: Թէեւ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, Արսենալ եւս հետաքրքրուած է 24 տարեկան ֆութպոլիստով, սակայն ան կը նախընտրէ քաթալոնական խումբը: Ան այս տարեշրջանին Ռէալի հետ ցարդ իր կատարած 31 մրցումին...

Էմպափէ Նշանակեց Փարիզ Սեն Ժերմենի  3000-րդ Կոլը` Ֆրանսայի Ֆութպոլի  Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Էմպափէ Նշանակեց Փարիզ Սեն Ժերմենի 3000-րդ Կոլը` Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ նախորդ շաբաթավերջին նշանակեց իր ակումբին 3000-րդ կոլը` Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») մրցումներուն գծով: Պրեսթի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ աւարտեցաւ մայրաքաղաքի կազմին յաղթանակով (2-1), ան նշանակեց անոր յաղթանակի կոլը` մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+1-րդ): Անոր խմբակից Քարլոս Սոլեր նշանակած էր առաջին կոլը (37-րդ): Այսպիսով, Փարիզ Սեն Ժերմեն դարձաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի պատմութեան...

«Քալչիօ».  Նափոլի 18 Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին

«Քալչիօ». Նափոլի 18 Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 26-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Ինթեր Միլանի կրած պարտութիւնը` Սփեցիայի դաշտին վրայ, 2-1 արդիւնքով, պատճառ դարձաւ, որ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլի աւելի ամրապնդէ իր դիրքը եւ ունենայ 18 կէտի առաւելութիւն մը` Ինթերի վրայ, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք իր հիւրին` Աթալանթայի դէմ: Նափոլիի երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին վրացի յառաջապահ Խվիչա Քվարացխելիա (60-րդ) եւ քոսովոցի յետսապահ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 102-82

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 102-82

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, «Ռոքլենտ-Արենա»-ի իր մարզադաշտին վրայ Տինամօ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութը: Այս մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 102-82 արդիւնքով (21-19, 23-19, 32-16 եւ 26-28): Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ ունեցաւ բաւական լաւ խաղարկութիւն մը: Սակայն մրցումին երրորդ քորթըրին հիւրընկալ կազմը կէտերու տարբերութիւնը բաւական բարձրացուց, որուն շնորհիւ տարաւ վերջնական յաղթանակը:...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Ճատրակի Մրցաշարքին Մասնակցեցան  76 Երկսեռ Աշակերտներ

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Ճատրակի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 76 Երկսեռ Աշակերտներ

Լիբանանեան վերջին տարիներու վերիվայրումներուն եւ «Քորոնա» համաճարակին պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով երկար բացակայութենէ ետք այս տարի վերսկսան ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի մրցումները: Արդարեւ, նախորդ կիրակի, 5 մարտ 2023-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի ճատրակի մրցաշարքը` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբին մէջ: 76 աշակերտներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ վարժարանները` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան, Հայ կաթողիկէ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Սամուէլ Տէր Սահակեան 9-րդ  Հանգրուանին Միակ Յաղթականը

Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Տէր Սահակեան 9-րդ Հանգրուանին Միակ Յաղթականը

Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի տղոց ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ Հայաստանի գործող ախոյեան Սամուէլ Տէր Սահակեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց իր սերպ մրցակիցին` Ալեքսանտր Քովաչեւիչի դէմ: Ապահովելով մրցաշարքի իր վեցերորդ կէտը, այժմ Տէր Սահակեան 1,5 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ ՖԻՏԷ-ի դրօշին տակ հանդէս եկող Ալեքսէյ Սարանայէն: Վերջինս այս հանգրուանին պարտութեան...

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականին  Ուսումնամարզական Հաւաքը` Վրաստանի Մէջ

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականին Ուսումնամարզական Հաւաքը` Վրաստանի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի մարմնամարզութեան երիտասարդական հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ. հաւաքը պիտի աւարտի 25 մարտին: Այս հաւաքէն անմիջապէս ետք, հաւաքականը պիտի մեկնի Անթալիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 29 մարտէն 2 ապրիլ տեղի ունենալիք աշխարհի մարմնամարզութեան երիտասարդական 2-րդ ախոյեանութեան: Վերոնշեալ քաղաքին մէջ 25 մարտէն 8 ապրիլ իր կարգին ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի մեծերու ազգային հաւաքականը`...

Թենիս. «Ինտիըն Ուէյլզ».  Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. «Ինտիըն Ուէյլզ». Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն` Կարէն Խաչանով ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Ինտիըն Ուէյլզ»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 82-րդ դասուած գերմանացի Օսքար Օթթէի դէմ: 15-րդ դասուած Խաչանովի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ սպանացի Ալեխանտրօ Տաւիտովիչ-Ֆոքինա (28-րդ): Նշենք, որ 26 տարեկան Խաչանովի կատարած  այս մրցումին ներկայ...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխ  Երկու Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Երկու Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Օկզպուրկը, անոր դէմ արձանագրեց 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց ֆրանսացի Պենժամեն Փաւար (19-րդ եւ 35-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին փորթուգալցի յետսապահ Ժոաօ Քանսելօ (15-րդ), գերմանացի յառաջապահ Լըրոյ Սանէ (45-րդ) եւ քանատացի յետսապահ Ալֆոնսօ Տէյվիս (74-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն ամրապնդեց...

Ֆերնանտօ Պաթիսթա Նշանակուեցաւ  Վենեզուելայի Ֆութպոլի  Ազգային Խումբին Մարզիչ

Ֆերնանտօ Պաթիսթա Նշանակուեցաւ Վենեզուելայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիչ

Վենեզուելայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ արժանթինցի Ֆերնանտօ Պաթիսթա նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ: Կողմերուն միջեւ պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2026-ի Մոնտիալի աւարտը: Պաթիսթա փոխարինեց արժանթինցի Խոսէ Փեքերմանը, որուն օգնականն էր 2021-2023 տարիներուն: 52 տարեկան Պաթիսթա նաեւ մարզած է Վենեզուելայի երիտասարդական ազգային խումբը: Նշենք, որ Վենեզուելայի ֆութպոլի ազգային խումբը իր պատմութեան մէջ ցարդ ոչ մէկ առիթով մասնակցած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Սաժես Պէյրութ-Աթլաս,  Վաղը` Ռիատի Պէյրութ-Պիպլոս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես Պէյրութ-Աթլաս, Վաղը` Ռիատի Պէյրութ-Պիպլոս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 11 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Սաժես Պէյրութ Ղազիրի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Աթլասը: Այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը` կիրակի, 12 մարտին, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ ժամը 16:30-ին կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: Այս հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, Անդրանիկ Պէյրութ, որ հիւրընկալեց Պէյրութը, անկէ...

Page 312 of 1280 1 … 311 312 313 … 1,280

Արխիւներ