Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլի ապահովեցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին իրենց տոմսերը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով յաջորդաբար Լիվըրփուլը եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը:
Արքայական ակումբը, որ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին 5-2 արդիւնքով յաղթած էր Լիվըրփուլին, դարձի մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ, այս անգամ` 1-0 արդիւնքով, շնորհիւ` Քարիմ Պենզեմայի նշանակած կոլին (79-րդ):
Իսկ Նափոլի, որ երթին Գերմանիոյ մէջ արձանագրած էր 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, իր յաղթանակը կրկնեց անոր դէմ, այս անգամ` 3-0 արդիւնքով: