Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ այս շաբաթավերջին պիտի մրցի Աթլեթիքօ խումբին դէմ, որ արդէն իսկ փոխադրուած է Ե. դասակարգ:
Նշենք, որ 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, Վարդան Սարգիսեանի, Նարեկ Ատուրեանի եւ Մոհամետ Նասրէտտինի նշանակած կոլերուն շնորհիւ:
ՀՄԸՄ այժմ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը, մինչ պարագլուխի դիրքը 18 կէտով կը գրաւէ` Տինամօ Պէյրութ: