Հայկական մարզական լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան 19 մարտին պիտի այցելէ Երեւան, հայկական անձնագիր ստանալու համար:
Նշենք, որ 20 մարտին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի սկսի նախապատրաստուելու Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն:
Եւրոպայի 2024-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, 25 մարտին Հայաստան կը մրցի Թուրքիոյ դէմ, իսկ 28 մարտին բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Կիպրոսի դէմ:
Նայիր Տիկնիզեան եւ Քրասնոտար-2 ֆութպոլի խումբի յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան առաջին անգամ ըլլալով կը միանան հաւաքականին:


