Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական (23 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան 55 քկ դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարապետ Մանուէլեան գերլարուած պայքարէ մը ետք 7-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք ռումանացի մրցակիցէն` Տենիս Ֆլորին Միհայէն, տիրացաւ արծաթ մետալին:
Մանուէլեան քառորդ աւարտականին յաղթած էր ազրպէյճանցի իր մրցակիցին, իսկ կիսաւարտականին` իր թուրք մրցակիցին:
Նշենք, որ քառորդ աւարտականին իր կրած պարտութենէն ետք (7-1), ազրպէյճանցի ըմբիշը հարուածած էր Մանուէլեանին, որմէ ետք իրաւարարը կացութեան տէր դարձած էր, իսկ Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը կախակայած էր ազրպէյճանցին` իր ոչ մարզավայել կեցուածքին համար:
87 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Յարութիւնեան մէկ վայրկեան եւ 13 երկվայրկեանի ընթացքին, յաղթելով մոլտովացի Կապրիէլ Լուփասքոյին, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Իր կարգին պրոնզէ մետալի տիրացաւ Ալպերթ Վարդանեան, որ 130 քկ դասակարգի մրցումներուն, 6-1 արդիւնքով յաղթեց չեխ Մարսել Ալպինիին:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին համար առաջին մետալը (արծաթ) ապահոված էր Կարապետ Մանուէլեան, 55 քկ դասակարգի մրցումներուն: