Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, սէուտական Նասըր ֆութպոլի խումբը մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին մարզիչ նշանակելու փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոն:
Նասըր նախանցեալ օր պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` ֆրանսացի Ռուտի Կարսիան, մինչ միեւնոյն ժամանակ ալ դժգոհ է փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ելոյթներէն:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, Նասըր Մուրինիոյին առաջարկած է երկու տարուան պայմանագրութիւն մը` 100 միլիոն եւրօ աշխատավարձով (տարեկան` 50 միլիոն եւրօ):
Եթէ փորթուգալցին նշանակուի Նասըրի մարզիչ, պիտի հանդիսանայ աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիչը: