Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ պարտութիւն կրեց:
Առաջինին ՀՄԸՄ, որ հիւրը եղաւ Տինամոյին, անկէ կրեց 107-78 արդիւնքով պարտութիւն մը (27-15, 34-24, 27-20 եւ 19-19):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մարք Լայընզ (27):
Իսկ երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը, անկէ կրեց 115-56 (16-29, 12-30, 16-29 եւ 12-27) արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այսօր` չորեքշաբթի, 12 ապրիլին ՀՄԸՄ կը կատարէ իր երրորդ մրցումը, երբ երեկոյեան ժամը 19:30-ին Լուէյզիի դաշտին մէջ (Զուք Մոսպեհ) հիւրը կ՛ըլլայ Լիտըրզին:


