Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Ֆարօ կղզիներ մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Բ. հանգրուանի ՊԻ-4 խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Հայաստանի հաւաքականը, որ իր կատարած առաջին մրցումին մրցած էր Մալթայի դէմ, անկէ կրած էր 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր Գէորգեան:


