Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլի 31 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ հաստատեց, որ այս ամրան ընթացքին պիտի հեռանայ գերմանացի Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմէն, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը անգլիական ակումբին հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ յունիսին, եւ ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ ու կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին:
Ֆիրմինօ, որ Լիվըրփուլին մաս կը կազմէ 2015-էն ի վեր, ցարդ յստակ չէ, թէ ո՛ր կազմին հետ պիտի շարունակէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Լիվըրփուլի հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 32 մրցումի, նշանակած 11 կոլ եւ կատարած 5 էսիսթ:


