Գերմանական մարզական մամուլին համաձայն, Պայէրն Միւնիխի ֆութպոլիստներ Սատիօ Մանէ եւ Լըրոյ Սանէ, Մանչեսթըր Սիթիէն իրենց կազմին կրած պարտութենէն ետք («Չեմփիընզ Լիկ», 3-0), հանդերձարանին մէջ իրարու հետ կռիւ մը ունեցած են:
Անոնց միջեւ վիճաբանութիւնը սկսած է մրցումին աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ` դաշտին մէջ, ապա ատիկա շարունակուած է հանդերձարանին մէջ:
Նշուեցաւ, որ Մանէ հարուածած է Սանէի դէմքին, այդ պատճառով ալ վերջինիս շրթունքէն արիւն հոսած է:
Անոնց խմբակիցները միջամտելով հանդարտեցուցած են երկուքը:
Միւնիխեան ակումբը ցարդ այս գծով պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարած է: