Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով մրցեցաւ Կիպրոսի դէմ, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հայրենի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին Կիպրոսէն կրած էր 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արտակ Ադամեան:


