Հենրիխ Մխիթարեանի Կազմը Ինթեր Միլան`
2-0 Արդիւնքով Յաղթական
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանին գծով կատարուած երթի մրցումներուն, Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Մանչեսթըր Սիթիին, անկէ կրեց 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը:
Անգլիոյ ախոյեանին երեք անպատասխան կոլերը նշանակեցին սպանացի միջնապահ Ռոտրիկօ Հերնանտես (27-րդ), փորթուգալցի միջնապահ Պերնարտօ Սիլվա (70-րդ) եւ նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ (77-րդ):
Մրցումին արդիւնքը աւելի մեծ ալ կրնար ըլլալ, եթէ ներկայ չգտնուէր փորձառու բերդապահ Եանն Սոմեր:
Ինչ կը վերաբերի Պենֆիքա-Ինթեր Միլան մրցումին, անիկա վերջ գտաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմին` Ինթերի յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով:
Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեանին երկու կոլերը նշանակեցին իտալացի միջնապահ Նիքոլօ Պարելլա (51-րդ) եւ պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու (82-րդ` փենալթիով):
Նշենք, որ Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:
Ինթերի մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի այս մրցումին կատարեց հինգ փոփոխութիւն, մինչ հիւրընկալ կազմին մարզիչը` Ռոճըր Շմիթ բաւականացաւ միայն մէկ փոփոխութեամբ:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 19 ապրիլին:


