Անգլիացի Տին Սմիթ նշանակուեցաւ Լայսթըր Սիթիի ժամանակաւոր գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
52 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ յունիս:
Խումբի երկրորդ մարզիչ նշանակուեցաւ Չելսիի նախկին յետսապահ, անգլիացի Ճոն Թերի, որ Սմիթի հետ աշխատած է անցեալին, երբ անոնք մաս կը կազմէին Ասթոն Վիլայի:
Սմիթ, որ նախորդ դեկտեմբերին հեռացած էր Նորուիչէն, անցեալին եղած է նաեւ Ասթոն Վիլայի, Պրենթֆորտի եւ Ուոլսոլի մարզիչ:
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Լայսթըր Սիթի 25 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը: